Արամ Ա կաթողիկոսը Սուրբծննդյան տոնի առթիվ այցելել է Բուրջ Համուդի կարիքավոր հայ ընտանիքներին

Արամ Ա կաթողիկոսը Սուրբծննդյան տոնի առթիվ այցելել է Բուրջ Համուդի կարիքավոր հայ ընտանիքներին

Ուրբաթ, 7 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր իսկ նախաձեռնութեամբ, այցելեց Պուրճ Համուտի Արագած շրջանին մէջ ապրող աւելի քան 100 կարիքաւոր ընտանիքներու տուները: Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը եւ Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախկին նախարար ու Լիբանանի Ազգ. Առաջնորդարանի Ազգ. Վարչութեան փոխ-ատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։

Արդարեւ, յիշեալ շրջանը Պուրճ Համուտի ամէնէն համեստ շրջանն է, յատկապէս այս օրերուն, երբ հայ ընտանիքները կը դիմագրաւեն լուրջ դժուարութիւններ: Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց շրջանի ժողովուրդի զաւակները, գնահատեց անոնց հաւատքն ու վճռակամութիւնը եւ վստահեցուց, որ մեր եկեղեցին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ամէն իմաստով, զօրավիգ կը կանգնի իրենց՝ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս օգտակար դառնալով մեր ժողովուրդի կարիքներուն։

Իր այցելութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը նուէրներ փոխանցեց օժանդակութեան յատուկ յանձնախումբին՝ բաժնելու համար մեր ժողովուրդին:

Հետևեք մեզ նաև Տելեգրամում