ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ Դատի գրասենյակի ջանքերով բարեփոխվել է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտության վերաբերյալ ԵԽ զեկույցը
Ուրբաթ երեկոյեան Եւրոպական խորհրդարանը իր լիագումար նիստի ընթացքին հաստատեց մայիսի 19-ին ԵԽ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի քուէարկած Արեւելեան գործընկերութեան վերաբերեալ զեկոյցի նախագիծը:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ ԵՄ-ի մօտ ՀՀ առաքելութեան տարած ջանքերով կարելի եղած էր մայիս ամսուան ընթացքին բանաձեւին նախնական տարբերակը բարեփոխել եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ առանձին հատուած ներառել, որտեղ Եւրոխորհրդարանը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու՝ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու ջանքերուն եւ 2009-ի հիմնարար սկզբունքներուն:
Նշենք, որ երեք հիմնարար սկզբունքներն են՝ ուժի չկիրառումը, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։
Կարծիքներ