Հերոսանալու եւ փայլատակելու վայրը առաջնագիծն է. Վիգեն Հովսեփյան

Հերոսանալու եւ փայլատակելու վայրը առաջնագիծն է. Վիգեն Հովսեփյան

Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն իսկ ազգի բոլոր խաւերը, բոլոր հոսանքներն ու ուժերը հասկցան թէ յաջողելու, եւ թշնամիին պարտութեան մատնելու կարեւորագոյն ազդակներէն մին ազգի ուժերու միասնականութիւնն է: Ազգային միասնականութիւն եւ ուժերու համադրում՝ տարբեր ուղղութիւններով:

Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ուժերն ու դերակատարները հասկցան թէ պատերազմական պարտադրուած իրավիճակին մէջ, պէտք է բոլորուիլ պետական կառոյցներուն եւ բանակին շուրջ, ու պէտք է ամէն գնով նպաստել հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Վերջապէս, թշնամիի արարքները ոչ կուսակցութիւն կը ճանչնան, ոչ ալ քաղաքական ճաշակներու մէջ տարբերութիւն կը դնեն: Թշնամին ծրագրած է ծունկի բերել համակ հայ ազգը, եւ կարելիութեան պարագային բնաջնջել իւրաքանչիւր հայ որ իր ճամբին կը հանդիպի:

Սփիւռքեան համայնքներուն մէջ ալ տարբեր չէ պարագան: Երբեմն հաւաքական բնազդի թելադրանքով, երբեմն ալ տարբեր համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ դերակատարներու անմիջական ճիգերու շնորհիւ, հայեր զիրար գտան ու աշխատանքներ համակարգեցին հաւաքական օրակարգներու շուրջ, ու պետական կառոյցներու առաջնահերթութիւններուն համապատասխան:

Այս բոլորը շատ լաւ:

Այսուհանդերձ, միասնականութեան դրսեւորման գլխաւոր հետեւանքներէն մին անպայման պէտք է որ ըլլայ նպատակներու եւ պատգամներու համակարգումը: Պատերազմական իրավիճակի մէջ, ամենէ կենսական գործօնը կռուող բանակի նպատակներու յստակութիւնն է, եւ այն կարգապահութիւնը որ բոլորի ջանքերը սեւերած կը պահէ նպատակակէտին վրայ: Տուեալ պարագայի մէջ ինքնագործութիւնը (որքալ ալ հնարամիտ) ուժերու ջլատման կ՛առաջնորդէ, ինչը պարտութեան տանող ամենակարճ ուղին է:

Վերոյիշեալը կ՛արձանագրեմ յատկապէս երբ կը նկատեմ ճապաղումներ որ մեր հաւաքական ուժը կը ջլատէ: Այսօր հայ ազգը ունի մէկ թշնամի, եւ այդ թշնամին մեր հայրենի ազգակիցներուն եւ մեր հայրենիքին սպառնացող թուրք-ատրպէյճանական ոսոխն է: Հիմա ժամանակը չէ ներքին կամ արտաքին այլ թշնամիներ որոնելու, մանաւանդ ժամանակը չէ երրորդ կողմեր մեր դէմ լարելու:

Մենք ականատես ենք, օրինակ, թէ ինչպէս մեր բողոքի ալիքի որոշ արտայայտութիւնները մեր դէմ կը հանէ տեղւոյն հանրային կարծիքը: Իւրաքանչիւր քայլ որ կը ծրագրուի, իւրաքանչիւր բողոքի միջոցառում որ կը կազմակերպուի - որքան ալ հնարսմիտ կամ նորարական թուի - առաջին հերթին պէտք է որ նպաստէ ընդհանուր քարոզչութեան ու պատգամին, եւ պէտք չէ որ հակառակ ազդեցութիւններու դուռ բանայ: Առնուազն պէտք է բացասական հետեւանքներու չափէն աւելիով դրական արդիւնքներ ապահովել: Պարզապէս բողոքելու համար բողոքելը - առանց խելամիտ թիրախներու - անիմաստ է եւ երբեմն ալ վնասակար ընդհանուր գործին: Հնարամտութիւնը եւ նորարարութիւնը շատ լաւ բաներ են, պայմանաւ որ անոնք հունէն չհանեն քարոզչական հոսանքը: Այո, երբեմն աւելի լաւ է որեւէ բան չ’ընել, քան թէ գործին վնասել։

Մենք տեսանք ենք, օրինակ, թէ ինչպէս յաջողութեան ուղղուած բողոքի միջոցառում մը կրնայ սադրանքի զոհ երթալով շեղել լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը քաղաքական բուն պատգամէն: Ականատես կ՚ըլլանք թէ ինչպէս լաւ չծրագրուած ձեռնարկ մը իր վրայ կրնայ հրաւիրել անբաղձալի քարոզչութիւն, հայերուս մօտ տեղի տալով անիմաստ կասկածներու՝ թէ լրատուամիջոցները թշնամականօրէն տրամադրուած են հայերուս հանդէպ, կամ առաջնորդելով անհեթեթ ինքնախարազումի՝ թէ հայերս բաւարարաչափ ազդեցութիւն չունինք մետիայի աշխարհին մէջ:

Այլ ճակատի վրայ, առաջին օրէն իսկ, գրեթէ ամբողջական կարգապահութեամբ, ազգովին յաջողեցանք նուիրահաւաքները կեդրոնացնել Հիմնադրամի շուրջ: Բացի անկէ որ այս ճիգը առաջքը կ՛առնէ անբաղձալի շահագործումներու, ան աննախընթաց դրսեւորում մըն է հաւաքական կարգապահութեան: Դեռ կան ինքնագործութեան կարգով որոշ հանգանակութիւններ. մարդիկ ԱՄՆի մէջ ոչ այնքան կենսական ապրանքներու գնումներ կ՛ընեն մեր բանակին համար (բոլորն ալ «յատուկ աղբիւրներէ» ստանալով իրենց յանձնարարականը), առանց առաքման ձեւի եւ ծախսի հաշուարկ ընելու: Պարզ է թէ հազարաւոր մղոններ հեռուէն ապրանքներ Արցախ ուղղարկելը անիմաստ է, երբ նոյնը կը ճառուի Հայաստանի շուկայներէն: Այսպէս, սկիզբի օրերու կարգապահութիւնը սկսած է թուլանալ. սակայն վստահ եմ ժամանակը այս ճիգերը եւս կը լրեցնէ, երբ մարդիկ հասկնան իրենց արարքներու վնասը, եւ ընկալեն պատերազմական րէժիմով գործելու կարեւորութիւնը:

Մեր գոյամարտը հարիւր միլիոնէն աւելի բնակչութիւն հաշուող, հսկայական զինուորական եւ տնտեսական ուժ ներկայացնող զոյգ թշնամի պետութիւններու դէմ է: Այսպիսի հզօր կարողութիւններով թնամիի դէմ յաղթելու համար, ամէն բանէ աւելի կարիքը ունինք ազգային բարձր գիտակցութեան ու ոգիի, բայց նաեւ անկոտրում կարգապահութեան: Իսկ կարգապահութիւնը կը պահանջէ տարերային րոմանթիզմէ հեռու՝ նպատակաուղղուած, համակարգուած, կարգապահ գործունէութիւն որ անհատական թէ հաւաքական եսեր չի ճանչնար:

Եթէ պատերազմի թիկունքը կազմողներս ազգի երկրորդ բանակն ենք, պէտք է հասկնանք թէ բանակի գործը համակարգուած կ՛ըլլայ, եւ կարգապահութեամբ կը յատկանշուի: Հերոսանալու եւ փայլատակելու վայրը առաջնագիծն է. մնացածներս, դասակի զինուորներ ենք՝ տրուած ուղղութիւններու հետեւող:

 

Հետևեք մեզ նաև Տելեգրամում