Հայաստանի բարեկամ երկրների լռութունը տարօրինակ է․ Արամ Ա
Արցախեան 44-օրեայ պատերազէն հազիւ տարի մը անցած, ահաւասիկ նոյն թշնամին, աշխարհին դիմաց, արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները եւ ոտնակոխելով միջազգային օրէնքները, իր ոճրային արարքները Հայաստանի նկատմամբ կը շարունակէ։
Յստակ են թշնամիին հետապնդած նպատակները։ Հայաստանի բարեկամ նկատուող երկիրներու լռութիւնը տարօրինակ է։ Այս կացութեան դիմաց, մեր ժողովուրդը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, պէտք է ցուցաբերէ ամուր միասնականութիւն, աննկուն կամք եւ անզիջող կեցուածք։
Կարծիքներ